2012-10-20 13:12:10

<<Ռացինկերի>> Անուան Մրցանակի Տուչութիւն


Շաբաթ 11 հոկտեմբերի առաւօտեան ժամը 11-ին Վատիկանի Գլեմենթինա սրահին մէջ Պենետիկտոս ԺԶ Սրբազան Քահանայապետը երկու գիտաշխատողներու շնորհեց <<Րացինկերի>> անուան Աստուածաբանութեան մրցանակը, 400 ներկաներու մասնկացութեամբ։

Րացինկէրի մրցանակակիրներն են ամերիկացի Յիսուսեան միաբան եւ Աստուածաբան Պրաեան Տալէյ եւ ֆրանսացի Փիլիսոփայ Րէմի Պրակ։1964էն ի վեր Հայր Տալէյը, Միացեալ Նահանգներու Ինտիանա Նահանգի <<Նոթր Տամ>> համալսարանի դասատու է։ Մինչ Րէմի Պրակ` յոյն, հրովմէական եւ արաբական փիլիսոփայութեան մասնագէտ։

''Ռացինկերի մրցանակը'' որ կը համապատասխանէ ''Աստուածաբանութեան Նոպելեան մրցանակին'' կը շնորհուի այն անհատներուն որոնք իրենց հետազօտական աշխատանքով կը ջանան մարդ արարածին յոյս ներշնջել որով կարող են զԱստուած նկատել որպէս առաջին եւ ամենամեծ ներդրումը մարդ արարածի համար։

Ռացինկեր մրցանակի 2012-ի պարգեւատրումի արարողութիւնը սկիզբ առաւ Ժոզէֆ Ռացինկեր - Պենետիկտոս ԺԶ հիմնարկի նախագահ` գերապայծառ Ճուզեփփէ Սգոթթիի ողջոյնի խօսքով ապա ելոյթ ունեցաւ հիմնարկի գիտական կոմիտէի նախագահը Կարդինալ Գամիլլօ Րուինին որմէ ետք կարդացուեցաւ մրցանակակիրներու կենսագրականը ու ապա Նորին Սրբութիւնը երկու գիտաշխատողներուն յանձնեց մրցանակի մագաղաթը ու ամէն մէկուն` 50 հազար եւրոյի վճարագիր մը։

Պարգեւատրեալներուն ու ներկաներուն ուղղած իր ճառին մէջ Սրբազան Քահանայապետը մատնանշեց երկու մրցանակակիրներու գործունէութեան ու անոնց յանձանռումին` ժամանակակից Եկեղեցւոյ երկու կարեւոր երեւոյթներու նկատմամբ <<համամիութիւնը ու այլ կրօններու հետ համեմատութիւնը>>։Հայր Տալէյը որպէս եկեղեցւոյ հայրերու ուսումնասէր եւ Փրօֆ. Պրակ` որպէս կրօններու փիլիսոփայութեան մասնգէտ։
Նորին Սրբութիւնը ապա վերյիշեց վատիկանեան տիեզերական Բ ժողովի 50րդ յոբելեանը ու անոր երկու վճռագիրերը։Ան ապա գնահատեց Հայր Տալէյի եւ Փրոֆ Պրակի օրինակելի աշխատանքը որ <<լուսաւորուած եւ ապրուած հաւատքի միջոցաւ Աստուած, այսօրուայ մարդուն, աւելի մօտիկ եւ հաւատալի կը դարձնեն>>։
<<Գործենք Տիրոջ այգիին մէջ որպէսզի մեր ժամանակակից մարդիկը վերագտնեն ապրելու իսկական գաղտնիքը նոր աւետարանութեան յանձնառումով>> ըսաւ Նորին Սրբութիւնը խօսքը եզրափակելով ու գնահատելով մրցանակակիրները եւ շնորհակալութիւն յայտնելով Րացինկէր հիմնարկի կոմիտէի անդամներուն։








All the contents on this site are copyrighted ©.